ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»
Մեծ ուրախութեամբ կը ծանուցենք, թէ լոյս տեսաւ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնաբանութեան Պատմութիւն»ը գործը, խմբագրութեամբ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի։ Գիրքը ունի երեք գլուխներ.- Առաջին գլուխին մէջ կը ներկայացուի մեկնաբանութեան պատմութիւնը, մեկնութեան օրինակներ եւ տեսակներ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ, եւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեկնութիւնը առաջին չորս դարերուն։ …