Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելուներու շարքին յաջորդաբար ընդունեց.-
* Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած երկու ժեներալներէ եւ մէկ գնդապետէ, որոնք եկած էին իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի ներքին ապահովութեան առնչուած հարցերու շուրջ։
* Ժպէյլի քաղաքապետը, որ եկած էր խորհրդակցելու Նորին Սրբութեան հետ Թռչնոց Բոյնի առնչուած կարգ մը ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին։
* Լիբանանի Երկխօսութեան Յանձնախումբի ատենապետն ու ընդհանուր քարտուղարը՝ Հարէս Շէխապն ու Տոքթ. Մուհամմատ Սամմաքը, որոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին փոխանցելու համագումարի հրաւէր մը՝ Շէյխ Էլ Ազհարի կողմէ։
* Շէյխ Ապպաս Նապուլսի՝ Կրօններու եւ Մշակոյթներու Երկխօսութեան Յանձնախումբի ատենապետ, որ եկած էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած հարցերու մասին։