Շաբաթ 25 Փետրուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Վաչէ Պուլղուրճեանը, իր քրոջ՝ Սալբիի ընկերակցութեամբ։ Վաչէն զաւակն է Կաթողիկոսարանի բարեկամ ու բարերար հանգուցեալ Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեանին։ Ան Նիւ Եորքի համալսարանէն շրջանաւարտ է, մասնագիտանալով նկարահանումի արուեստին մէջ։
Վաչէ Պուլղուրճեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր անդրանիկ ֆիլմը՝ “Թրամոնթան” անունով. որուն հերոսը լիբանանեան պատերազմին ծնած ու հասակ առած աչազուրկ երիտասարդ նուագածու մը. որ իր խաւարէն կ’ուզէ լոյսին բացուիլ իր ինքնութեան փնտռտուքով։ Վաչէն ինք եւս պատերազմի մէջ ծնած ու հասակ առած անձ, կը յանգի այն եզրակացութեան, որ պատերազմ ապրած ժողովուրդ մը ինքնին անկարող է ինքն իր ինքնութիւնը բնորոշելու։ Նշենք թէ ֆիլմը արժանացած է աւելի քան վեց մրցանակներու գնահատականներու։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Վաչէ Պուլղուրճեանի կատարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր գալիք ծրագիրներուն։