Քուէյթի մօտ Պահրէյնի թագաւորին անձնական ներկայացուցիչ՝ Շէյխ Խալիֆա Պըն Ահմատ Ալ Խալիֆան, Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթ կատարած այցելութեան երկրորդ օրը այցելեց Նորին Սրբութեան իր իջեւանած պետական հիւրանոցին մէջ։ Սիրալիր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ թագաւորին ներկայացուցիչին միջեւ։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթ է Շէյխ Խալիֆային, որովհետեւ երեք տարիներ առաջ, Պահրէյնի մէջ, պետութեան կազմակերպած քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին գլխաւոր դասախօսներէն մէկը Նորին Սրբութիւնն էր։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Շէյխ Խալիֆան իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին՝ շեշտելով, որ առաւել քան երբեք կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ապա Պահրէյնի թագաւորին ներկայացուցիչը Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց իր պալատը ներկայ գտնուելու ի պատիւ իրեն տրուելիք ճաշկերոյթին։
Ճաշկերոյթին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Առաջնորդ Հայր Սուրբերը եւ Քուէյթի Թեմի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները. ներկայ էին նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետեր, պապական նուիրակը եւ շարք մը երկիրներու դեսպաններ։
Յանուն Պահրէյնի թագաւորին, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը Քուէյթէն ներս, Շէյխ Խալիֆան մէջբերումներ կատարելով Հայրապետին Պահրէյնի համագումարի ընթացքին տուած դասախօսութենէն, անգամ մը եւս վեր առաւ միջ-կրօնական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Պատասխանելով Շէյխ Խալիֆային ողջոյնի խօսքին, Նորին Սրբութիւնը իր կարգին ընդգծեց երկխօսութիւնը գործակցութեամբ ու համակեցութեամբ թարգմանելու կարեւորութիւնը ներկայ բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց Պահրէյն տուած իր այցելութիւնը, միջազգային համագումարը եւ մանաւանդ համագումարին ճշդած ուղղեգիծը գործընթացքի վերածելու հրամայականը։ Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։