17 Մայիս 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի Պետութեան Էմիրին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի Էմիր՝ Շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ժապէր Ալ Սապահի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան՝ Մահէր Խէր։
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Էմիրին Քուէյթի հայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ հակառակ գաղութին պակսող հնարաւորութիւններուն, այսօր շնորհիւ իր զաւակներու տքնաջան աշխատանքին ու նուիրումին գաղութը օժտուեցաւ սեփական նոր եկեղեցիով ու նոր առաջնորդարանով։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ եկեղեցւոյ շինութիւնը, ներկայ ժամանակներուն մանաւանդ, պերճախօս վկայութիւն մըն է Քուէյթի Պետութեան քրիստոնէութեան նկատմամբ ունեցած լայնախոհ ոգիին։
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ զարգացող քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին։ Ան յիշեց, որ Քուէյթը յատուկ տեղ ունի լիբանանցիներու սիրտին մէջ եւ քուէյթցիները կը սիրեն յատկապէս ամառը անցընել Լիբանանի գեղածիծաղ ափերը եւ լեռնային զով գիւղերուն մէջ։ Իր խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ Քուէյթի Պետութիւնը իր բարոյական աջակցութեան առընթեր նաեւ նիւթապէս օժանդակէ Քուէյթի հայ գաղութին՝ եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի շինութեան գծով կատարուած հսկայ ծախսերուն՝ բերելով իր մասնակցութիւնը։
Էմիրը, իր իսկ բառերով, եղբայրական ջերմ սիրով ընդունեց Վեհափառ Հայրապետը, յիշեց վեց տարիներ առաջ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Քուէյթ, գնահատեց իր միջ-կրօնական երկխօսութեան բերած նպաստը, բարձր գնահատանքով խօսեցաւ Քուէյթի հայութեան մասին՝ ըսելով, թէ ո՛չ մէկ հայ ապօրէն ու սխալ ընթացքի մէջ եղած է Քուէյթէն ներս, ընդհակառակը, հայերը իրենց հաւատարմութեամբ ու աշխատասիրութեամբ կարեւոր նպաստ բերած են Քուէյթի զարգացման։ Էմիրը նաեւ ողջունեց վերականգնումի ու յառաջդիմութեան մէջ եղող Լիբանանը, յիշեց որպէս արտաքին գործոց նախարարի իր այցելութիւնները Լիբանան եւ վստահեցուց Վեհափառ Հայրապետը, որ եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի շինութեան ծախսերուն իր նպաստը պիտի բերէ։
Սիրալիր հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Առաջնորդ Հայր Սուրբը, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնէ գաղութին կողմէ Էմիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դեսպանը, որ ողջունէ Լիբանանի ու Քուէյթի եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացումը։
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը հիւրն է Պետութեան եւ կը վայելէ բարձրաստիճան օտար հիւրերու վերապահուած բոլոր պատիւները։