14 Փետրվարի, 2017

ՀԵՀՈՄԱԿԱՆՆԵՐ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 11 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները դարձեալ առիթը ունեցան հանդիպում ունենալու միութեան հովանաւորող եւ զօրավիգ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
 
Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց Նորին Սրբութեան երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած յատուկ սէրն ու գնահատանքը եւ մանաւանդ իր սպասումը մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երիտասարդութեան աւելի գործօն ներկայութեան գծով:
 
Նորին Սրբութիւնը ընթրիքի սեղանի շուրջ երկխօսութիւն ունեցաւ համալսարանական երիտասարդներուն հետ, անդրադառնալով ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը ու մանաւանդ մեր կեանքը յուզող հարցերուն:
 
Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով երիտասարդութեան կապուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, մաղթեց որ հայ երիտասարդը ընդհանրապէս եւ համալսարանականները մասնաւորաբար աւելի ամուր կապուածութիւն ցուցաբերեն իրենց եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ, միաժամանակ նոր հորիզոններ բանալու Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի կեանքէն ներս: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը հանդիսատեսի վիճակէն դուրս գալով, դառնայ մասնակից եւ դերակատար հայ կեանքէն ներս:
 
Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը երիտասարդութեան նուիրեց վերջերս լոյս տեսած իր «The Armenian Church» աշխատասիրութիւնը, պատուիրելով, որ ընթերցանութեամբ աւելի եւս ճանչնան Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու առաքելութիւնը:

More News