Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆԸ
Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի ընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց.- Վսեմաշուք Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Նորընտիր Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան, Փարիզ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իրեն ենթակայ թեմերու ժողովուրդին անունով, եւ անձնապէս, Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնենք Ձեզի՝ Ֆրանսայի նախագահ ընտրութեան առիթով։ Մեր երկու ժողովուրդներուն ունեցած պատմական եւ բարեկամական կապերը…