26 May, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Շուրջ ժամ մը առաջ, ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ, ահաբեկիչներու կողմէ յարձակումի ենթարկուելով զոհուեցան Ղպտի եկեղեցւոյ պատկանող 26 հաւատացեալներ եւ ծանրօրէն վիրաւորուեցան 25 անձեր: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ նամակը յղեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ.ին.-

Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ.
Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք
Գահիրէ

Քիչ առաջ խոր ցաւով ու ընդվզումով իմացանք Ղպտի եկեղեցւոյ 26 ուխտաւոր զաւակներու դէմ գործուած ոճիրին մասին: Ահա դարձեալ ահաբեկչութիւնը կը հարուածէ մեր քոյր եկեղեցին: Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, որ դարձած է ներկայ ժամանակներու մեծագոյն չարիքը: Կը զգանք Ձերդ Սրբութեան խոր վիշտը. կը զգանք նաեւ ահաբեկչութեան զոհ գացած, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած Ձեր հոգեւոր զաւակներու ընտանիքներուն ցաւը: Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ այս դժուար օրերուն աղօթքի, եղբայրական սիրոյ ու հոգեւոր զօրակցութեան ճամբով Ձեզի հետ ենք:

Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ երկինքի թագաւորութեան մէջ ընդունի նահատակներու հոգիները եւ անոնց ընտանիքներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը: Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Ձերդ Սրբութիւնը հոգեպէս զօրացնէ՝ դիմագրաւելու Ղպտի եկեղեցին հարուածող ներկայ տագնապները:

Եղբայրական սիրով աղօթակից ՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս
26 Մայիս 2017

More News