21 Ապրիլի, 2017

ԵԹՈՎՊԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Եթովպիոյ Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Եթովպիոյ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, Եթովպիոյ եկեղեցիին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցեր՝ կապուած Լիբանանէն ներս Եթովպիոյ համայնքին։
 
Յայտնենք, որ Եթովպիոյ եկեղեցին դաւանակից է Հայ Եկեղեցւոյ եւ Լիբանանէն ներս Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս օգտակար հանդիսացած է, որ յիշեալ համայնքը ունենայ իր եկեղեցին։
 

More News