ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՍԻՒՆՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԵՒ ԱԼ-ԱԶՀԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Սիւննի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ Ալ-Ազհար Համալսարանին, 28 Փետրուարէն 2 Մարտ 2017-ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ազատութիւն, Քաղաքացիութիւն, Բազմազանութիւն եւ Ամբողջականութիւն» խորագրով: Համագումարին հրաւիրուած էին զանազան երկիրներէ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետեր, Միջին Արեւելքի երկիրներու նախագահներու եւ թագաւորներու ներկայացուցիչներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Սոյն համագումարին իր…