13 February, 2017

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԾ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ

Տեառնընդառաջի տօնը Հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ հայ ծնողներուն կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր ծնողները Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով իրենց մանուկները կը բերեն ընծայելու Աստուծոյ Սուրբ Խորանին:

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան: Ապա Լուսարարապետ Սրբազանը խորանէն բերելով Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր կարգին զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն: Կարծէք սա պահուն Քրիստոսի երկնային լոյսով պայծառակերպուեցաւ հաւատացեալներուն դէմքերը, հոգեւոր խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով Մայր Տաճարէն ներս:

Վեհափառ Հայրապետը պահպանիչով օրհնեց ներկայ հոծ բազմութիւնը եւ իր պատգամը ուղղեց անոնց, անդրադառնալով Տեառնընդառաջի հոգեւոր իմաստին եւ անոր Քրիստոնէական եւ ազգային կարեւորութեան:Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն, ըսաւ. «եկած էք ձեր զաւակները ընծայելու Աստուծոյ: Սա ինչ հոգեպարար երեւոյթ է: երբ ձեր տուները կը վերադառնաք պէտք է շարունակէք եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ընծայման ընթացքը, ձեր զաւակները, դաստիարակելով, մեծցնելով մեր եկեղեցւոյ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով, որոնք մեզի եկած են Աստուածաշունչէն եւ դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդի զաւակները այդ արժէքներով է որ իրենց կեանքը առաջնորդած են»:

Ապա, խօսելով Քրիստոնէական դաստիարակութեան Հայ Ընտանիքներէն ներս ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց. «Հայ ընտանիքը ամէն բանէ առաջ եկեղեցի է: Հայ ընտանիքը երկու հոգիէ կազմուած տուն չէ՛, ուր մարդիկ կ’ապրին: Ընտանիքը Աստուծոյ տունն է, փոքր եկեղեցի է: Այս գիտակցութեամբ պէտք է ապրի Հայ Ընտանիքը, իր կեանքին մէջ միշտ վառ պահելով Քրիստոնէական արժէքներն ու սկզբունքները եւ այդ մթնոլորտին մէջ դաստիարակելով իր զաւակները»:

Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ծնողներ Մանուկ Յիսուսի ընտանիքին օրինակին հետեւելով իրենց զաւակները հերթաբար մօտեցուցին Սուրբ Խորանին եւ Միաբան Հայրեր մեր մանուկները խորան բարձրացնելով ընծայեցին Աստուծոյ: Ապա մանուկները արժանացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, հանդիսաւոր թափօրը առաջնորդուեցաւ Մայրավանքի շրջափակը, ուր Ս. Սեղանէն բերուած լոյսով Նորին Սրբութեան ձեռամբ վառուեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը, որմէ ետք հաւատացեալներ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմէն իրենց ճրագները վառած՝ վերադարձան իրենց տուները:

More News