ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»

            Մեծ ուրախութեամբ կը ծանուցենք, թէ լոյս տեսաւ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնաբանութեան Պատմութիւն»ը գործը, խմբագրութեամբ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի։ Գիրքը ունի երեք գլուխներ.-

            Առաջին գլուխին մէջ կը ներկայացուի մեկնաբանութեան պատմութիւնը, մեկնութեան օրինակներ եւ տեսակներ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ, եւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեկնութիւնը առաջին չորս դարերուն։

            Երկրորդ գլուխին մէջ կը խօսուի մեկնութեան տեսակներուն մասին, որոնք են՝ Բառական Մեկնութիւնը, Լրման Մեկնութիւնը, Փոխաբերական Մեկնութիւնը, Բարոյական Մեկնութիւնը, Այլաբանական Մեկնութիւնը, Տիպաբանական Մեկնութիւնը, եւ Խորհրդական Մեկնութիւնը։ Իսկ երրորդ գլուխին մէջ կը ներկայացուին արդի մեկնաբանութեան սկզբունքները։