21 Փետրվարի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

 
 
Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները» Ֆրանսական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տնօրէնը՝ խորհրդակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած խնդիրներու ու յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններու գծով։
 
Տասնամեակներ առաջ հաստատուած յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակն է օգտակար հանդիսանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ծրագիրներուն՝ շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքները աւելի կազմակերպելու ու անոնց վկայութիւնը աւելի աշխուժացնելու հեռանկարով։ Այս շրջագիծէն ներս Նորին Սրբութիւնը ողջունելով կազմակերպութեան տարած գործունէութիւնը, ընդհանուր գիծերով պարզեց հայ համայնքներու կատարած ընկերային ու մարդասիրական աշխատանքները ու թելադրեց մօտէն գործակցիլ համայնքներու կրթական, ընկերային ու մարդասիրական կառոյցներուն հետ, բնականաբար առաջնահերթութիւն տալով Հալէպի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։

More News