Շաբաթ, 18 Մարտ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում՝ մասնակցութեամբ շուրջ 50 պատուիրակներու:
Յիշեալ յանձնախումբը կազմուած է հինգ տարիներ առաջ եւ անոր կը մասնակցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական: Յանձնախումբին նպատակը գործակցութիւն յառաջացնել է քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ:
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին նաեւ ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի Խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ, որոնք յատուկ հետաքրքրութիւն ունին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու նկատմամբ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ պատգամ պիտի ուղղէ սոյն համագումարին: