Անցնող օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ քուէյթեան եւ եգիպտական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու հետ։ Յիշեալ հարցազրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս քրիստոնեայևիսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան, հայ համայնքներուն ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան առնչուած նիւթեր։
Վերոյիշեալ նիւթերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ պատմական հակիրճ ակնարկ նետելով ու յատկապէս շեշտելով տիրող ներկայ պայմանները։ Այսպէս, անդրադառնալով ցեղասպանութեան, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջքը, ըսելով, որ հայը ուր որ ալ գտնուի նոյն մօտեցումը ունի այս հարցին նկատմամբ։ Քրիստոնեայևիսլամ երկօսութիւնը Վեհափառ Հայրապետը նկատեց հրամայական։ Ան ըսաւ, որ դարերով միասին ապրած են միաստուածեան այս կրօններու հետեւորդները եւ այսօր հակառակ հոս ու հոն գոյութիւն ունեցող որոշ զգայնութիւններուն, պէտք է շարունակեն միասին ապրիլ յաղթահարելով կարգ մը դժուարութիւններ։ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը պատմական իրողութիւն է, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ճիշդ է, պատմութեան պայմանները յաճախ փոխուած են, սակայն եկեղեցիները համապատասխան մօտեցում ունեցած են իրենց կեանքը ու վկայութիւնը վերակազմակերպելու իմաստով։
Վեհափառ Հայրապետը խօսելով յատկապէս արաբական երկիրներու մէջ հաստատուած մեր համայնքներու մասին, առաջին հերթին ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց արաբական երկիրներուն, որոնք այնքան սիրով ու բարեացակամութեամբ ընդունած են մեր ժողովուրդի զաւակները ցեղասպանութենէն յետոյ։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ արաբական երկիրներէն ներս հաստատուած մեր համայնքները ոչ միայն հաւատարիմ քաղաքացիներ եղան, այլ նաեւ իրենց աշխատասիրութեամբ ու մասնագիտութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցան այդ երկիրներու զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ։ Մեր համայնքի զաւակները, ճիշդ է, համախմբուեցան մեր մշակութային, կրօնական ու այլ համայնքային կառոյցներու շուրջ, պահեցին իրենց ինքնութիւնը, սակայն միաժամանակ իրենք զիրենք նկատեցին անբաժան մասը իրենց ապրած երկրին ու ընկերութեան, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։