Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ անձնուէր հայրապետներ եւ անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային գանձանակին մէջ ձգեցին իրենց լուման՝ ի խնդիր Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու ծաղկման: Այսօր նոյն այդ ծառայութեան առաքելութիւնն է որ կը շարունակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութիւնը՝ յաղթական հոգեւորականներուն պէս որպէս յաջորդ պատրաստելով Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու մեր հայրենիքին ծառայութեան լծուած սպասաւորներ:
Երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի Միաբաններու տարած անսակարկ ծառայութեան առ յերախտագիտութիւն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի Փետրուար ամսուն կատարել Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ աթոռոյս բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս:
Արդարեւ, Կիրակի, 19 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, կատարուեցաւ «Հանդիսաւոր հոգեհանգիստ վասն հոգւոցն հանգուցեալ հայրապետացն սրբոյ Աթոռոյս եւ համայն միաբանից Ուխտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»: Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան»ին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան:
Հաւաքական սոյն հոգեհանգիստը առիթ հանդիսացաւ նախնիներու անձնուէր օրինակին հետեւելով շարունակելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անսակարկ ծառայական առաքելութիւնը, ի սպաս հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին: