«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄԻՋ-ԴՊՈՐՑԱԿԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ ու բարձր տնօրինումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ութերորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի լիբանանահայ վարժարաններու Միջ-դպորցական Հայ լեզուի եւ գրականութեան, Հայոց պատմութեան ու կրօնի, ինչպէս նաեւ ասմունքի մրցումները:

            Մրցումներու առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017-ի յետ միջօրէին Ասմունքի մրցումով, որուն յաջորդեցին Հայ Լեզուի ու գրականութեան եւ Հայոց Պատմութեան ու կրօնքի մրցումները, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 միջնակարգ եւ 11 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ:

            Չորս շաբաթներու վրայ երկարող մրցոյթները եղան սուր՝ դպրոցներու միջեւ: Աշակերտներ երկու հանգրուանով մասնակցեցան ասմունքի մրցումներուն, իսկ Հայ լեզուի ու գրականութեան մրցումներու ծիրէն ներս պատասխանեցին լեզուական, գրականագիտական, վերլուծական եւ շարադրական բազմաճիւղ հարցարանին, իսկ Հայոց պատմութեան գծով անոնք հրապարակ հանեցին իրենց պատմական գիտելիքները, պատասխանելով զանազան դարերու վերաբերող հարցարանին:

            «Խաչիկ Պապիկեան» մրցոյթի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 14 Մայիս 2017-ի կէսօրին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Մրցանակաբաշխութեան բացման խօսքը կատարեց Կաթողիկոսարանի հայագիտական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Ժիրայր Դանիէլեան, որ իր խօսքին մէջ նշելէ ետք այս տարուան մրցոյթներու մանրամասնութիւնները, հրաւիրեց իւրաքանչիւր մրցոյթի մրցանակակիր ու յիշատակութեան արժանի աշակերտները, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ ստանան իրենց նիւթական պարգեւն ու յիշատակութեան նուէրները։

            Նուէրներու բաշխումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց հայ դպրոցէն ներս հայ լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան հանդէպ սէր ջամբելու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, թէ հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւրն է եւ կը շարունակէ մնալ հայ մշակոյթի առանցքը։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նման ձեռնարկներու կրկնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հայ դպրոցներու եւ մշակութային զանազան միութիւններէ ներս։

            Այս առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի միջ-դպրոցական մրցանքի յանձնախումբի անդամներուն, մասնակից աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «հաւաքական աշխատանքները կը կատարուին հաւաքակա՛ն հաւատքով ու հետեւողական աշխատանքով»։