21-28 Յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են՝ Անտիոքի Ասորի Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին, Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական Խորհուրդի Քրիստոնէական Միութեան Սատարող Բաժանմունքին մէջ:
Վերջին քանի մը տարիներուն Յանձնաժողովի հանդիպումներուն որպէս աստուածաբանական երկխօսութեան նիւթ կը քննարկուին Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդները: Այս հանդիպումին որպէս գլխաւոր նիւթ ներկայացուեցաւ Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներէն երրորդը՝ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը կամ պատարագը իր ծագումով, զարգացումով, ներկայի օգտագործման վիճակով ու իր աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական հասկացողութեամբ:
Սոյն ժողովին Հայ Եկեղեցին կը ներկայացնէին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանն ու Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Մակար Սրբազանը ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի խորհուրդի պատմական ծագումը, հոլովոյթը, զարգացումն ու ներկայ վիճակը իսկ Հայր Շահէն՝ նոյն խորհուրդի մասին մեր Եկեղեցւոյ աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական հասկացողութիւնը:
Ժողովի աւարտին ընթերցուեցաւ ընդհանուր զեկոյցը, պատրաստուեցաւ ժողովի ամփոփ եզրակացութիւնը եւ որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք թեմաները, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ որ պիտի ըլլայ Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայաստան:
Ժողովականները առիթը ունեցան երկու առիթներով հանդիպելու Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Այս առիթով Կիլիկիոյ Աթոռի ներկայացուցիչ Սրբազան Հայրերը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեցին Նորին Սրբութեան։