2 Ապրիլի, 2017

ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՇՆՈՐՀԱԲԱՇԽ ԱՋԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՕՐՀՆԵՑ, ՍՐԲԵՑ ՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

      Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նշեց հայ ժողովուրդի Հաւատքի Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին չարչարանքներն ու Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակի օրը: Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Կիլիկեան Ս. Աթոռին համար, որ մեր թուականէն 86 տարիներ առաջ՝ 1931, Երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի հայրապետական Կոնդակով հաստատուած է որպէս «Անթիլիասի Ուխտի Օր»:

          Արդարեւ, Կիրակի 2 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որուն առջեւէն կ՚ընթանար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր հարստութիւնը համարուող Սրբազան մասունքներու արկղը: Օրուան պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Պատարագին ու թափօրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միաբան Հայրեր, Դպրեվանեցիներ, Լիբանանի Թեմի Քահանայից դասը, Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի:

          Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ առաջին հերթին խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի նախավիրապեան կեանքին ու ընդհանուր պատմական ակնարկ մը նետեց անոր կեանքին ու գործունէութեան մասին: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ «մեր եկեղեցին ծնունդ առաւ Խոր Վիրապի չարչարանքներէն ու պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ մեր ժողովուրդը ինկաւ այդ Խոր Վիրապին մէջ, սակայն Լուսաւորչի ծնունդ տուած հաւատքով ու լոյսով կրցաւ վեր բարձրանալ ու յաղթանակել: Հայ Ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կրցաւ այդ Խոր Վիրապն ու անոր չարչարանքները յաղթահարել շնորհիւ Լուսաւորչի փոխանցած Քրիստոսի Հաւատքին»: Սրբազանը կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ Սրբութեան կարեւորութիւնը, յայտնելով, թէ առանց Սրբութեան ազգ մը կը դառնայ անդիմագիծ եւ նոյն այդ սկզբունքին հետեւելով է որ Հայ ժողովուրդը գիտցած է միշտ վառ պահել իր սուրբերուն յիշատակը եւ ընդգծեց այդ սրբութիւններու լոյսին տակ նոր սերունդը դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը։

          Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Միաբան Հայրերը, Լիբանանի Թեմի Քահանայից դասը, Դպրեվանեցիներն ու հոծ հաւատացեալներու բազմութիւնը մասնակից դարձան մեր Հաւատքի Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին լուսաւորող Աջով առաջնորդուող աւանդական թափօրին: Յայտնենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Ս. Աջին կողքին հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներու Աջերով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը ի պահ դրուած այլ Սրբազան մասունքներով:

          Հաւատացեալ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ ու ջերմեռանդ հաւատքով համբուրեց Նորին Սրբութեան ձեռամբ առաջնորդուող Ս. Լուսաւորչի Աջը, հայցելով բժշկութիւն, բարեխօսութիւն եւ լուսաւորութիւն:

          Սրբազան թափօրի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք Մայր Տաճարի խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս Հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան տակ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։

More News