Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ Մարթին Հութին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի իրավիճակը: Դեսպանը նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ Նորին Սրբութեան Դամասկոս եւ Հալէպ կատարած այցելութիւններուն մասին:
Յայտնենք, որ Դեսպան Մարթին Հութ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի անունով նամակ մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին: Արտաքին Գործոց Նախարարը Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ մասնակցելու Միջազգային Համագումարի մը: