Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ

Քիչ առաջ, իմանալէ յետոյ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրներուն մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Թաւատրոս Պատրիարքին, խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական արարքները եւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն՝ միաժամանակ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՓՕՐԻՆ

Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնը արժանաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հազարաւոր մանուկներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական թափօրով դիմաւորեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Պատարագի սկիզբը մանուկներու աւանդական…