Կ’ուզենք ուրախութեամբ յայտնել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ:
Խորէն Սրբազանը, անցնող տարիներուն, յաջորդաբար ստանձնած է հետեւեալ պաշտօնները.- Դպրեվանքի Հսկիչ եւ Փոխ-Տեսուչ, գաւազանակիր, Դպրեվանքի եւ հայկական երեք տարբեր Ազգային Վարժարաններու մէջ վարած է ուսուցչական պաշտօններ: 1995-2004 տարիներուն եղած է հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Հայոց եւ ապա՝ 2004-2017 տարիներուն վարած է Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւնը:
Վստահ ենք, որ նոյն նուիրումով ու աշխատունակութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազան Հայրը պիտի ծառայէ Կիպրոսի մեր սիրելի ժողովուրդին: