ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԸ ՈՂՈՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՎ

 

        Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, երէկ` Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Քայլարշաւին ներկայ էին քաղաքական գործիչներ, լիբանանեան զանազան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

 

          Քայլարշաւը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին Վանքի մուտքէն, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան։

 

          Քայլարշաւէն ետք ընթերցուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը: Պատգամ-նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Մենք 20-րդ դարու սրբացած նահատակներու ժառանգորդներն ենք, եւ մենք յարութիւն առնող այդ հոգիներուն զաւակներն ենք:  Մենք պայքարող ժողովուրդի մը ժառանգորդներն ենք, եւ այդ պայքարին կրակը երբեք պիտի չմառի մեր մէջ»։

 

          Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչները, որոնցմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան Նախարար՝ Տիար Աւետիս Կիտեանեան։

 

          Ձեռնարկի աւարտին, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու պատասխանատու անձնաւորութիւններ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց։