Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները։ Լիբանանի դեսպանը՝ Մահէր Խէր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթէն ներս գործող շարք մը դեսպաններ։ Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը,…