Կիրակի, 12 Փետրուար 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ` Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայ գրականութեան անդաստանէն ներս Արա Արծրունիի ունեցած ներդրումին:
Դպրեվանքի դասախօս Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն խօսեցաւ Արա Արծրունի մտաւորականին եւ գրական վաստակին մասին: Արա Արծրունի անձին մասին խօսելով ան ըսաւ, թէ ան «խիզախ կեցուածք ունեցող մտաւորական է եւ ճիշդ անոր համար է որ մտաւորական է»:
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ «Արա Արծրունի անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն Հայ ժողովուրդին, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս իր գրչով ու խօսքով եղաւ մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն, սկզբունքներուն եւ ձգտումներուն յուշարարը եւ առաքեալը: Եղաւ ճշմարտութեան ու արդարութեան անվեհեր պաշտպանն ու քարոզիչը: Մեր համայնքէն ներս ունեցաւ իր ծառայական ներդրումը, մասնակից դառնալով ազգային, տնտեսական, մշակութային ու կրթական մարմիններու, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ համայնքային ծրագիրներու իրագործման»: Խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Արա Արծրունիի կուրծքը՝ առ ի գնահատանք անոր գրական բեղուն վաստակին։
Ապա պարգեւատրեալը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին:
Յայտնենք, որ շուտով Անթիլիասի Տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Արա Արծրունիի «Ծուէններ» վէպը: