16 Ապրիլի, 2017

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԲ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐՈՒ ՆԱՅԵՑԱ՛Ւ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԴ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԶՕՐԱՑՈՒՑ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 
Մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին լուսաւորուելու եւ քաջալերուելու Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակով: Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան Ս. Զատիկը:
 
Զատկական Ս. Պատարագը մատուցեց ու իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի:
 
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ խօսելով Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնի խորհուրդին մասին հետեւեալ տողերուն մէջ ամփոփեց Յարութեան նպատակը. «Քրիստոս հալածուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ Յարութիւն առաւ՝ որպէսզի իր Յարուեամբ մեզի Կեանք պարգեւէ: Աստուած մեզի՛ համար մարդացաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ ու դարձեալ մեզի՛ համար Յարութիւն առաւ, որպէսզի Քրիսոտսի օրինակին հետեւլով մահով մահը յաղթենք, Խաչով՝ մեղքը յ ու Աստուածորդիին Յարութեամբ Կեանք ունենանք»: Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց Յարութեան Հաւատքի անհրաժեշտութեան մասին, ըսելով. «Այսօր մեր ժողովուրդը որքա՜ն պէտք ունի Յարութեան շունչին, Յարութեան հաւաքին ու յարութեան տեսիլքին, որովհետեւ առանց անոնց մեր կեանքը պիտի դատարկուի իր իմաստէն, խորքէն ու նպատակէն: Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին երբ հանդիպեցաւ փոթորիկներու, նայեցա՛ւ Քրիստոսի Յաղթական Յարութեան եւ այդ Յարութեամբ թրծեց, շաղախեց, իմաստաւորեց եւ հզօրացուց իր կեանքը: Նոյն այդ Յարութեան ոգիով է որ կրցաւ տոկալ ու դէմ դնել ամէն տեսակ դժուարութեանց, ու մի՛շտ ալ Յարութիւն առաւ, Քրիստոսի օրինակով մահուան վրայ յաղթանակ տանելով»։
 
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց հաւատացեալներուն կոչ ուղղելով՝ վերանորոգելու մեր քրիստոնէական կեանքը Քրիստոսի Յաղթական Յարութեամբ, Անով պայծառակերպուելու եւ առաջնորդուելու դէպի բարի եւ խաղաղ նաւահանգիստ:
 
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորանքներ ընդունեց Հոգեւոր Պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ:

More News