8 April, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ԳՈՐԾՈՂ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՆ ՄԻՋ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅԻՆ  

            Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող «ԿԻԼԻԿԻԱ» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Թանգարաններու Երեկոյ»ին (Museum Night):

 

            Արդարեւ, Ուրբաթ 7 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Կաթողիկոսարանիս զոյգ Թանգարանները ընդունեցին տեղացի եւ օտար աւելի քան երեք հարիւր յիսուն այցելուներ:

 

            Այցելուները Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գործող «Կիլիկիա» թանգարանին ճամբով մօտէն ծանօթացան Հայ Եկեղեցւոյ պատմական հարուստ անցեալին, հայկական մշակոյթին, արուեստին ու ստեղծագործութեան: Տեղացի եւ օտար այցելուները յատկապէս հիացմունքով դիտեցին Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած եկեղեցական զգեստներն ու սպասները, որոնք, իրենց իսկ վկայութեամբ, պերճախօս արտայայտութիւնն են հայ ժողովուրդի ունեցած անկոտրում հաւատքին:

 

            Միաժամանակ, Ճիպէյլի մէջ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը իր կարգին, տեղացի եւ օտար այցելուներուն, տեղադրուած յօդուածներով, ցուցադրուած նկարներով եւ պատմական տեսերիզներու ճամբով ծանօթացուց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի դժուար, սակայն գոյատեւելու վճռական պայքարին, Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու ներքին կեանքին եւ մանաւանդ դանիացի միսիոնարուհի՝ Մարիա Ճէյքըպսընի նուիրական առաքելութեան մասին:

 

            «Թանգարաններու Երեկոյ»ն անգամ մը եւս առիթ հանդիսացաւ, որ տեղացիներն ու օտարները հպարտութեամբ արտայայտուին հայ ժողովուրդի ունեցած աննկուն կամքին եւ շինելու ու ստեղծագործելու անսպառ շնորհքին մասին: