Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանեան Բանակի Սպայակոյտի պետ՝ Զօրավար Հաթեմ Մալաքի: Զօրավարին կ’ընկերանային բանակային այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

Շուրջ ժամ մը տեւող Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան երկրին ապահովութեան առնչուած հարցեր:

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանեան բանակին, որ աջալուրջ կը հսկէ երկրի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանը շրջանային վտանգներէ հեռու պահելու հրամայականը: