Քուէյթի Հայոց Թեմին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական արարողութիւնը։
Արդարեւ, միջ-եկեղեցական արարողութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Քուէյթի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ գլխաւորութեամբ Քուէյթի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի պապական նուիրակ՝ Ֆրանչիսկոս Մօնթէսիլլօ Բատիլլա Արքեպիսկոպոսին։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական շարժումին ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միջ-եկեղեցական գործակցութեան առընթեր քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ու գործակցութեան առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը։
Հրաւէրով յոյն ուղղափառ համայնքի մետրապոլիտ՝ Ղաթթաս Հազիմին միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ՝ ներկայութեամբ բոլոր հոգեւոր պետերու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու։ Արարողութեան ընթացքին պապական նուիրակը խօսք առնելով՝ ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը Քուէյթի մէջ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց պարզուած միասնական մթնոլորտին համար։ Արարողութեան աւարտին յանուն Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքին մետրոպոլիտը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Քուէյթ ու յատկապէս իր եկեղեցին. խօսեցաւ Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական ու քրիստոնեայ-իսլամ բնագաւառներէն ներս ունեցած լայն փորձառութեան մասին եւ ապա յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Սրբութեան։
Իր փակման պատգամին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Քուէյթէն ներս քրիստոնեայ համայնքները կը վայելեն լայն ազատութիւն, եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարզուած է երկրէն ներս շնորհիւ Շէյխ Սապահ Ալ Ահմէտ Ալ Ճապեր Ալ Սապահ Էմիրին։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հակառակ պատմութեան պարտադրած բաժանումներուն, եկեղեցին իր էական միութիւնը պահած է։ Մենք Քրիստոսով մէ՛կ եկեղեցի ենք, եւ անսալով Քրիստոսի պատուէրին պէտք է աղօթենք, խորհրդակցինք ու գործակցինք, որպէսզի եկեղեցւոյ ամբողջական միութիւնը արտայայտենք»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ խաղաղութեան համար միասին աշխատելու հրամայականին։ Ան յիշեցուց, որ իսկական ու մնայուն խաղաղութիւնը կը հիմնուի արդարութեան վրայ։ Ա՛յս է Աւետարանին պատգամը, եւ հաւատարիմ աւետարանական ճշմարտութեան ու պատգամին, մենք կոչուած ենք աշխատելու արդարութեան ու խաղաղութեան ամբողջական հաստատման համար, եզրակացուց Հայրապետը։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, բոլոր համայնքներէ հաւաքուած հաւատացեալները աջահամբոյրով իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացուցին Նորին Սրբութեան։