Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՊՐԻ´Լ ՈՒ ՎԿԱՅԵ´Լ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

 
 
Քրիստոնէական հաւատքին ամուր հիմքը ու անոր հզօրութեան աղբիւրը հանդիսացող Աստուծոյ Որդւոյն յարութիւնը վճռական հանգրուան մըն է՝ Բեթղեհէմով սկսած Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան մէջ։
 
Արդարեւ, մահուան վրայ տարած յարութեան յաղթանակով, անոնք որոնք տակաւին կասկած ունէին Քրիստոսի մասին, վկայեցին անոր աստուածութիւնը։ Անոնք որոնք ուրացած էին Քրիստոս, վերահաստատեցին իրենց հաւատքը։ Անոնք որոնք կը խորհէին թէ Քրիստոսի գերեզման էջքով, անոր առաքելութիւնը պիտի գերեզմանուէր, փաստեցին հակառակը։
 
Գողգոթան վերջալոյսը չեղաւ Քրիստոսի առաքելութեան, այլ՝ յարութեամբ բացուող արշալոյսը նոր առաքելութեան, առաքեալներով շարունակուող ու եկեղեցիով տարածուող։ Յարուցեալ Քրիստոս ազդանշանը տուաւ նոր առաքելութեան իր աշակերտներուն պատգամելով՝ “Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը” (Մրկ. 16.15)։ Քրիստոսի յարութեամբ իր մղումը առնող նոր առաքելութեան նպատակն էր՝ ապրի´լ ու վկայել Քրիստոսի յարութիւնը։ Ա´յս է քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը ու հրամայականը։ Ա´յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ ճամբան։
 
Դիւրին չեղաւ երբեք Քրիստոսի յարութիւնը կեանքի ու վկայութեան վերածելու առաքելութիւնը։ Գործք Առաքելոցը եւ Առաքեալներուն նամակները, որոնք գրուած են առաջին դարու երկրորդ կէսին, յստակօրէն կը պարզեն իրենց կեանքով ու վկայութեամբ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեաներուն կրած հալածանքը, բանտարկութիւնը ու նահատակութիւնը։ Հակառակ այս դառն իրողութեան, յարութեան աւետիսը տարածուեցաւ ամէնուրեք։ Եկեղեցիներ հիմնուեցան Եփեսոսի, Երուսաղէմի, Անտիոքի, հռոմի, Մակեդոնիոյ, Կիպրոսի, Կորթոսի, Թեսաղոնիկէի, Աթէնքի, Փիլիպպէի, Հայաստանի եւ հին աշխարհի այլ շրջաններուն մէջ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ դարձաւ առաքեալ՝ Քրիստոսի յարութիւնը ապրելու ու վկայելու կոչուած, կենդանի թէ արեան նահատակութեամբ։ Ու այսպէս, Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած ու կենսաւորուած եկեղեցին մնաց կանգուն պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց։
 
Այսօր, հրաշափառ յարութեան տօնին, Քրիստոսի յարութեամբ իր կեանքը շաղախած եւ անոր զօրութեամբ դարեր շարունակ զինք շրջապատող չարերն ու չարիքները յաղթահարած, հայ եկեղեցին հետեւեալ յիշեցումը կը կատարէ իր ժողովուրդին.-
 
1) Քրիստոսի յարութեամբ նոր կեանքի պարգեւին արժանացանք։ Իր մեղքին պատճառաւ մարդուն մէջ մեռած էր աստուածատուր կեանքը։ Քրիստոս ո´չ միայն ցոյց տուաւ մարդուն ճշմարիտ կեանքը, ո´չ միայն յիշեցուց թէ ինք աշխարհ եկած էր որպէսզի կեանք ունենանք (Ա. Թես. 5.10), այլ, մեզի համար նոյնիսկ մեռաւ, որպէսզի իրմով կեա´նք ունենանք։ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան հաղորդակից դարձանք, որպէսզի նորոգուած կեանքով ապրինք (Հռոմ. 6.5)։
 
2) Քրիստոսի յարութեամբ հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ (Հռոմ. 5.11)։ Հեռացած էինք Աստուծմէ. դաւաճանած էինք մեր երկնատուր կոչումին ու դարձած գերին երկրաւոր կեանքի մոլութիւններուն։ Մահուան խորտակումով մօտեցանք Աստուծոյ, հաշտուեցանք մեր Երկնաւոր Հօր հետ ու դարձանք անոր որդեգիր զաւակները։ Հետեւաբար, Աստուծոյ որդեգիր զաւակը ըլլալու խոր գիտակցութեամբ պէտք է մեր կեանքն ու գործը իմաստաւորենք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեամբ միացած ենք դէպի Աստուծոյ թագաւորութիւն ընթացող երկնային թափօրին։
 
3) Քրիստոսի յարութեամբ վերանորոգուած, այլեւս օրէնքի տիրապետութեան տակ չենք, այլ շնորհքի (Հռոմ. 6.14) Քրիստոսի յարութեամբ յաղթեցինք չարը, վանեցինք մեր կեանքէն իրենց տիրապետութիւնը հաստատած մոլութիւնները ու չարիքները ու դարձանք նոր մարդ։ Քրիստոս իր արիւնով ու յարութեամբ մեզի վերստին ծնունդ պարգեւեց։ Հետեւաբար, կոչուած ենք հետեւելու մեզի նոր կեանքի շնորհքին արժանացուցած Քրիստոսի, որպէս առանցքը ու նպատակը մեր կեանքին։
 
4) Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած պէտք է պայքարինք մոլորեցուցիչ ուսուցումներուն դէմ։ Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ հերետիկոսութիւններ փորձեցին եկեղեցւոյ վկայութիւնը լռեցնել։ Իրենք լռեցին։ Ճմարտութիւնը կարելի է հալածել, նոյնիսկ խաչել, բայց կարելի չէ գերեզմանել։ Այսօր եւս շրջապատուած ենք տեսանելի եւ ոչևտեսանելի հերետիկոսութիւններով։ Քրիստոնեան պիտի մերժէ չարը եւ դառնայ գործակիցը բարիին, պիտի մերժէ խաւարը եւ դառնայ առաքեալը լոյսին, պիտի մերժէ կեղծը եւ դառնայ դրօշակիրը ճշմարիտին։
 
5) Քրիստոսի յարութեամբ զինուած, կոչուած ենք հաւատարիմ մնալու Աւետարանի պատգամին։ Աւետարանը ուսուցումներու ամբողջութիւն մը չէ, ան “յայտնութիւնն է Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին” (Հռոմ. 16.25)։ Հետեւաբար, պէտք է քաջօրէն վկայել այս մասին, վկայել մեր կեանքով ու գործով, վկայել ի պահանջել հարկին՝ ինքնընծայումով։ Այսպէ´ս ըրին առաջին դարերու քրիստոնեաները եւ նահատակութեամբ կնքեցին իրենց երկրաւոր կեանքը։ Այսպէս ըրաւ նաեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը՝ հայ ժողովուրդը ու իր ողջ պատմութիւնը դարձաւ նահատակութիւն։
 
6) Քրիստոսի յարութեամբ մեր հաւատքը վերանորոգած, պատրաստ պէտք է ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան։ Իր խոստումին համաձայն Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ։ Տեղի պիտի ունենայ դատաստան ու հաշուետուութիւն եւ մեռելներու յարութիւն։ Այս սպասումով քրիստոնեան պէտք է ապրի ու գործէ, Առաքեալին թելադրանքով՝ “հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագած, եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դրած մեր գլխուն” (Ա. Թես. 5.8)։
 
Քրիստոս անցեալին չի պատկանիր, ան կ’ապրի իր խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ ճամբով։ Քրիստոսի յարութեան յաղթական երթը փրկութեան առաքելութեան ճամբով, կը շարունակուի։ Աւետարանի մեծագոյն քարոզիչը Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ թէ՝ Քրիստոս զինք կանչեց իր առաքեալը ըլլալու եւ իր Աւետարանին վկան դառնալու (Հռոմ. 1.1)։ Այսօր եւ միշտ Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կանչէ իր առաքեալը ըլլալու, այլ խօսքով՝ Աւետարանը ապրելու ու անոր վկան դառնալու։ Պատրա՞ստ ենք երկնային շնորհքին արժանանալու…։
 
*
* *
 
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգիսեանը, մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն՝ ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին։
 
Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք նաեւ Արցախի հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններով լեցուն ծառայութիւն՝ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդին։
 
Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած իրենց կեանքը ապրին մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները։
 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
 
Սուրբ Զատիկ
16 Ապրիլ 2017
Անթիլիաս, Լիբանան