ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՇՆՈՐՀԱԲԱՇԽ ԱՋԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՕՐՀՆԵՑ, ՍՐԲԵՑ ՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

      Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նշեց հայ ժողովուրդի Հաւատքի Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին չարչարանքներն ու Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակի օրը: Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Կիլիկեան Ս. Աթոռին համար, որ մեր թուականէն 86 տարիներ առաջ՝ 1931, Երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի հայրապետական Կոնդակով հաստատուած է որպէս «Անթիլիասի Ուխտի Օր»:…