Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Իրանի վերընտրեալ Նախագահ՝ Հասան Ռուհանիին.-
Նորին Վսեմութիւն
Դոկտ. Հասան Ռուհանի
Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան
Թեհրան
Ձերդ Վսեմութիւն,
Ուրախութեամբ իմացանք Ձեր վերընտրութիւնը որպէս Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան։ Արդարեւ, Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած սիրոյն, վստահութեան ու ակնկալութեան։
Նախագահական Ձեր նախորդ շրջանին Դուք փաստեցիք Ձեր գերազանց կարողութիւնը՝ դիմագրաւելու եւ յաջողութեամբ գլուխ հանելու Իրանի պատմութեան դժուարին հանգրուանի մը Ձեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները եւ խոչընդոտները, զերծ պահելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բոլոր տեսակի վտանգներէ, ինչպէս նաեւ հաստատեցիք Իրանը որպէս շրջանային գերհզօր պետութիւն։
Իրանահայութիւնը կը նայի Ձեզի եւ Ձեր իմաստուն ղեկավարութեան միշտ խոր սիրով ու վստահութեամբ։
Կրկին անգամ, Պարոն Նախագահ, կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ կը մաղթենք Ձեզի յաջողութիւն եւ առողջութիւն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ամենայն բարիք եւ բարգաւաճում։
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ