Կիրակի, 26 Փետրուար 2017-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները, որոնք Նորին Սրբութեան ներկայացան ծպտուած ու դիմակաւորուած։
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարան յաճախող մանուկներն ու անոնց պատասխանատուները եւ շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայ ընտանիքներու կեանքէն ներս: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը քաջալերեց եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներու ծնողներուն, որովհետեւ իրենց զաւակները վստահութեամբ կ՚առաջնորդեն դէպի Կիրակնօրեայ Վարժարան, որպէսզի եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ստանան քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն: