«ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔՆ Է ԳԱՂՈՒԹԻ ԾԱՂԿՄԱՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի հայ համայնքին կատարած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ տեղ գրաւած էին հանդիպումները գաղութէն ներս գործող կառոյցներուն հետ։

Արդարեւ, Առաջնորդ Հայր Սուրբին ներկայութեան, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Դպրոցի Հոգաբարձութեան եւ յարակից բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու վարիչ մարմիններու հետ։ Անոնք հակիրճ կերպով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց գործունէութեան պատկերը, ինչպէս նաեւ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին՝ շեշտելով եկեղեցւոյ, դպրոցին ու մեր ազգի հոգեւոր, մշակութային արժէքներուն ծառայելու ու մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին մասնակից դառնալու առաջնահերթ կարեւորութիւնը։ Անհրաժեշտ է համախմբուիլ մեր կառոյցներուն շուրջ։ Կենսական է մասնակից դառնալ մեր հաւաքական կեանքին։ Հրամայական է միասնաբար դիմագրաւել գաղութին մարտահրաւէրները եւ ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւն բերել գաղութի ծրագիրներուն, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ գաղութը ի՛ր ջանքերով շինեց եկեղեցի ու առաջնորդարան։ Այս օրինակելի երեւոյթը հայուն իւրայատուկ յատկանիշերէն մէկն է։ Վստահ եմ որ մեր միւս գաղութները եւս նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի իրագործեն իրենց հաւաքական ծրագիրները, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։