ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՐ ՀՕՏԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը քուէյթահայութեան հետ իր առաջին հրապարակային հանդիպումը ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս, ուր Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ազգ. Վարժարան եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, խումբ մը ջահակիր ՀՄԸՄ-ականներու առաջնորդութեամբ իր օրհնութիւնները փոխանցեց զինք դիմաւորող հոծ բազմութեան:

            Քուէյթի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով բացուած յայտարարուեցաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք օրուան հանդիսավար` Մարալ Համպոյեան բարի գալստեան իր խօսքով լուսարձակի տակ առաւ մայիսեան յաղթանակները՝ ըսելով, որ ահաւասիկ Մայիս է, յաղթական Մայիսը` ուրախանալու եւ տօնելու մեր յաղթանակները, եւ ըսաւ.- «Ու ամենեւին պատահականութիւն չէ, որ վեց տարիներ առաջ, Մայիսի այս օրերուն, այս նոյն յարկէն ներս, մենք փառաշուք հանդիսութիւններով նշեցինք Քուէյթի Ազգային Վարժարանի յիսնամեայ յոբելեանը` հովանաւորութեամբ եւ օրհնաբեր ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին»:

            Ապա, մեծարելով Վեհափառ Հայրապետին աւելի քան քսան տարուան բեղուն գործունէութիւնը՝ հաստատեց, որ ան եղած է ու կը մնայ մեր եկեղեցական ու ազգային իրաւունքներու պաշտպան դրօշակիրը: Իր համատարած գործունէութեամբ, իմաստուն միտքերով եւ ոգեշնչող պատգամներով ան կ՚առաջնորդէ մեր ժողովուրդը դէպի պայծառ ապագան` զինք հեռու պահելով տագնապներէ, որուն վառ ապացոյցը այսօրուան մեր յաղթանակն է, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կալուածի սեփականութիւնն է, որուն համար մեծապէս երախտապարտ ենք Վեհափառ Հայրապետին` իր ցուցաբերած աջակցութեան, հայրական թելադրանքներուն եւ հետեւողական աշխատանքներուն: Ան առաջնորդողի, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայողի, հայութեան դիմագրաւած հարցերուն եւ եկեղեցւոյ ձայնին մշտական ներկայութիւնն է: Նորին Սրբութիւնը ծառայական գործունէութիւններով ծաղկեցուցած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, դարձած է շինարար, մեծապէս նպաստած է Հայ Դատի, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարելաւման եւ յառաջդիմութեան աշխատանքներուն:

            Գեղարուեստական յայտագիրին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի սաները, իրենց ուսուցչական կազմի ընկերակցութեամբ, յաջորդաբար ներկայացնելով Կիրակնօրեայի քայլերգը, «Բարի Գեղեցիկ» եւ «Օրհներգ Հայրապետական»ը: Ապա «Երազ Իմ Երկիր» երգը մեղմիկ ձայնով հնչեց Լիլա Կարապետեանի Կատարողութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հայկուհի Բազեանի:

            «ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» խորագրեալ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, ներկաները իրազեկ դարձան քուէյթահայ համայնքի կազմաւորման պատմական հոլովոյթին, որու ընդմէջէն համապարփակ ձեւով ներկայացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրերայաջորդ Գահակալներուն քուէյթահայութեան ի նպաստ տարած անխոնջ աշխատանքը, հասնելով մինչեւ 2017 թուական:

            Գէորգ Թէմամեան «Ճշմարտութիւն» երգով հանդէս եկաւ՝ փոխանցելով հայրենասիրական ջերմ ապրումներ: Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» բանաստեղծութիւնը իր խորիմաստ թելադրականութեամբ մատուցուեցաւ Մարիա Սարգիսեանին կողմէ: Յայտագրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ճորճ Արապաթլեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Հայկուհի Բազեանի եւ ջութակի նուագակցութեամբ՝ Թամար Թէմամեանի։

            Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Քույէթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Գերպ. Հայր Սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ժամանման ուրախ առիթով եւ մատնանշեց, որ այս հովուապետական պատմական այցելութիւնը իր իւրայատուկ դրոշմը պիտի թողու քուէյթահայութեան սիրտին, հոգիին ու միտքին մէջ եւ յաջորդող սերունդները պիտի յիշեն մեր իրականութեան մէջ արձանագրուած կարեւոր այս իրադարձութիւնը, որով Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ եւ ձեռամբ պիտի կատարուի Սրբոց Վարդանանց նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումն ու Ազգ. Առաջնորդարանի բացման հանդիսութիւնը:

            Աւարտին, սրտի անհուն բերկրանքով բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը փոխանցելու իր պատգամն ու հայրական օրհնութիւնները:

«Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,

Մենք չյանգանք դեռ կը գանք

Երբ տայ զանգը, ահազանգը

Որ մեր հոգու պարտքը տանք»

            Սարդարապատ յաղթերգին սոյն բառերու մէջբերումով Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Այս բառերուն մէջ խտացուած են մեր ժողովուրդի հաւատքը, կամքը, յոյսը ու տեսիլքը: Մեր պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց հաւաքական հաւատք, վճռակամութիւն ու տեսիլք եղած է, եւ մարդկութեան թատերաբեմին վրայ մնացած ենք այս ոգիով, այս վճռակամութեամբ, ինչպէս քիչ առաջ արտասանուած Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութեան մէջ շեշտեց, որ «նահանջին դէմ աննահանջ ենք». ինչպէս նաեւ 5-րդ դարու Եղիշէ Պատմիչ ըսած է. «Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել»: Հաւատքը սովորական իմաստով զգացական վիճակ մը չէ: Հաւատքը ժողովուրդին լինելութեան, հոգեխառնութեան ժայթքումն է: Մեր պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդը կոչուած է նո՛յն ոգին, նո՛յն հաւատքը ցուցաբերել: Վեց տարիներ առաջ, նոյն այս բեմէն, եկեղեցի շինելու կոչ ուղղեցի ձեզի: Այդ ժամանակ ձեր դէմքերուն վրայ անորոշութեան, յուսահատութեան եւ կասկածի ալիքներ կային, սակայն դուք լսեցիք ո՛չ թէ իմ ձայնս, այլ Աստուծո՛յ ձայնը, մեր պատմութեա՛ն ձայնը, մեր նահատակներո՛ւն ու սուրբերո՛ւն ձայնը եւ հաւատացիք որ եկեղեցին մեզի համար սովորական շէնք չէ, այլ մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնն ու միասնականութիւնն է: Ան հաւատքն ու յոյսը իր մէջ խտացնող Աստուծոյ կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւնն է: Դուք լսեցիք աստուածային պատգամը եւ կեանքի վերածեցիք եւ այսօր վեց տարիներ ետք, երբ կը նայիմ ձեր դէմքերուն, այս անգամ ուրախութեան եւ արդար հպարտութեան նշաններ կը նշմարեմ: Ապրի՛ք… հազա՜ր ապրի՛ք քուէյթահայութիւն»:

            Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով զինք շրջապատող Ազգային Վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն ըսաւ.- «Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը յատուկ ուրախութեամբ պէտք է ողջունէ նոր սերունդը: Բոլորս միասին պէտք է մեր զաւակները դաստիարակենք, կազմաւորենք մեր ժողովուրդի ոգեղէն արժէքներով, մեր քրիստոնէական հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով, մեր ազգային ձգտումներով, մեր պահանջատիրական կամքով: Հայ դպրոցը այս առաքելութեան է լծուած: Դուք եկեղեցի կառուցեցիք, բայց այլեւս ժամանակն է, որ այս դպրոցը ծաղկեցնէք: Դուք ձեր հաւաքական աշխատանքով, հաւաքական նուիրումով ու յանձնառութեամբ եկեղեցի շինեցիք, եւ այդ եկեղեցին ձեր տունն է` ազգի՛ն տունը: Հսկայ իրագործում է: Մեծ իրագործումները հաւաքական հաւատքի, նուիրումի, վճռակամութեան եւ նպատակասլաց աշխատանքի արդիւնք են: Քուէյթի հայութեան համար, նման իրագործում մը բացառիկ երեւոյթ է, որ կը պարտինք ձեզի: Այս առիթով, իմ փափաքս է, որ վերանորոգման տարուան մէջ մեր բոլոր կառոյցները վերանորոգուին: Մենք բոլորս կարիքը ունինք վերանորոգման՝ կարենալ դիմագրաւելու մեր դէմ ցցուած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, միշտ կառչելով մեր ազգային հիմնական արժէքներուն: Ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ մեր բոլոր կարողականութիւններով եւ հաւաքական կեանքով պէտք է վերանորոգուինք»:

            Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգով: