«ԱԶԳ ՄԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ, ԵԹԷ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԻ, ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ՏԵՍԼԱԿԱՆ» Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում: «Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանեան…