28 Հունվարի, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը, Միաստուածեան Կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» թեմայով:

Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան «Աուկաֆ»ի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային բաժանմունքին կողմէ:

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Իրանական Հանրապետութեան եւ Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Ալաթուլլահ Ալի Խամենէյի ներկայացուցիչները: Համագումարին հրաւիրուած էին նաեւ նշեալ երկիրներու Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին Սուրբ Աթոռիս գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Համագումարին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը:

Համագումարի ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսք առնելով նախ եւ առաջ ներկաներուն փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյնը ու բարեմաղթութիւնները։ Ապա Սրբազան Հայրը խօսեցաւ «Համատեղ Գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը խաղաղութեան գործընթացքին մէջ» նիւթին մասին: Ան իր խօսքին մէջ Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն մէջբերումներ կատարելով անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններու հասարակաց հաւատալիքներուն եւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան, շեշտելով, որ առանց կրօններու միջեւ համագործակցութեան կարելի չէ իրագործել մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն: Սրբազան Հօր բարձր գնահատանքի արժանացաւ:

Համագումարին ելոյթ ունեցան նաեւ Ասորի Ուղղափառ եւ Յոյն Ուղղափառ պատրիարքներու ներկայացուցիչները:

 

More News