ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՉ ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
21-28 Յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են՝ Անտիոքի Ասորի Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին, Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական Խորհուրդի Քրիստոնէական Միութեան Սատարող Բաժանմունքին մէջ:…