ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՍԻՒՆՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԵՒ ԱԼ-ԱԶՀԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Սիւննի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ Ալ-Ազհար Համալսարանին, 28 Փետրուարէն 2 Մարտ 2017-ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ազատութիւն, Քաղաքացիութիւն, Բազմազանութիւն եւ Ամբողջականութիւն» խորագրով:

 

Համագումարին հրաւիրուած էին զանազան երկիրներէ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետեր, Միջին Արեւելքի երկիրներու նախագահներու եւ թագաւորներու ներկայացուցիչներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

 

Սոյն համագումարին իր պատգամը փոխանցելու հրաւիրուած էր նաեւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Յանուն Վեհափառ Հայրապետին համագումարին մասնակցեցան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ` Գերշ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ` Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 

Համագումարի բացման հանդիսութեան, ուր ներկայ էին աւելի քան հազար մասնակիցներ, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Նորին Սրբութեան պատգամը: Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէր քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ մեծապէս կարեւորելով պատմութեան խորքէն եկող քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան համատեղ գործակցութեան օրինակը:

 

Սրբազան Հայրը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ` Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Բ. Պապին հետ, եւ իրեն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները: Սրբազանը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ալ-Ազհարի հոգեւոր առաջնորդ` Շէյխ Դոկտ. Ահմատ Ալ Թայիպին հետ, եւ իրեն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ գնահատանքը նման կարեւոր միջազգային համագումարի մը կազմակերպման համար: Համագումարի ընթացքին Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ առանձնաբար հանդիպումներ ունենալու Մարոնիթ, Յոյն Կաթոլիկ եւ Գլտանի պատրիարքներու եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ:

 

Համագումարի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յատկապէս շեշտուեցաւ համա-քաղաքացիութեան կարեւորութիւնը որպէս մեկնակէտ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան: Հաղորդագրութիւնը անդրադարձաւ նաեւ ծայրայեղական շարժումներուն եւ անոնց գործադրած բռնութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն, որոնք ոչ մէկ ձեւով կապ ունին իսլամ կրօնքին հետ։