Տարիներու աւանդութեան համաձայն Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ Միաբաններու եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասուն, կատարուեցան Գիշերային եւ Առաւօտեան զոյգ ժամերգութիւնները:
Աղօթասացութենէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեւորականներուն կոչումը լուսարձակի տակ առնող համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը, ինչպէս նաեւ Միաբան հայրեր: Օրուան բանախօսներն էին Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան՝ նիւթ ունենալով «Ճշմարիտ Հովիւի մը պատկերը» եւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան՝ «Հովիւ եւ հօտ յարաբերութիւնը» թեմաները: Համագումարին փակման խօսքը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ իր խօսքին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց ազգին եւ եկեղեցւոյ անձնուէր ծառայելու հրամայականը՝ քահանայութեան տիպար ունենալով Ղեւոնդեանց Քահանաները։
Ապա միաբաններն ու քահանայից դասը սեղանակից դարձան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Սիրոյ սեղանին շուրջ, Վեհափառ Հայրապետը խօսքը ուղղելով հոգեւորականներուն, շեշտեց անձնուրաց ծառայութեան ուխտի վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը: Ան յիշեցնելով «Վերանորոգման» տարուան սրբազան պատգամը՝ ըսաւ. «Վերանորոգումը Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը կը կազմէ: Եկեղեցւոյ շարականներն ու մեր հայրերը իրե՛նք եւս կարեւորութեամբ շեշտած են վերանորոգուելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ վերանորոգումը բանալին է յաջողութեան: Վերանորոգումը կը սկսի ինքնաճանաչումով եւ նոյն այդ գիտակցութեամբ է, որ մեր հոգեւորականները պէտք է ծառայեն Աստուծոյ եւ ժողովուրդին՝ միշտ ի մտի ունենալով Ղեւոնդեանց Քահանաներուն սուրբ հաւատքը»:
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս եւս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը: