ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ — 3
— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ, ցաւ ի սիրտ, Ս. Աննա եկեղեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք քանդումներէն պատկերներ։ — Վեհափառ Հայրապետը երէկ եւ այսօր կապ հաստատեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ երկրաշարժին…