«ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ»Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 28 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ի նորանշանակ տնօրէն երէցկին Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի խորհրդատու մարմնի ատենապետ Ալին Տէյրմէնճեանի։   Իբրեւ նորանշանակ տնօրէն, երէցկինը եկած էր ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով Դանիէլեանի նշանակումը տնօրէն՝ անդրադարձաւ «Ճինիշեան»ի առաքելութեան եւ մեծապէս գնահատեց հաստատութեան կատարած մարդասիրական աշխատանքները՝ Լիբանանի, Սուրիոյ ու Հայաստանի…