ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ
Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։ — Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քէսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։…