ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ

ՀԱՆԳԻՍՏ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն

 

Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆի

(1941-2023)

 

վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։

 

Վերջին օծման ու թաղման կարգի թուականը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերու ընթացքին։

 

Կիրակի, 22 Յունուարին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի հոգելոյս սրբազանին հոգիին խաղաղութեան համար։

 

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ