Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կաթողիկոսանիստ Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Միշէլ Ապսի, ընկերակցութեամբ օգնական ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանի եւ Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեանի։

 

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ Խորհուրդին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ։ Այս առիթով Նորին Ս. Օծութիւնը թելադրեց, որ Խորհուրդը աւելի ազդու ներկայութիւն դառնայ Միջին Արեւելքէն ներս՝ թէ՛ եկեղեցիներուն եւ թէ իսլամ համայնքներուն հետ իր յարաբերութիւնները աւելի ծաւալելու եւ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու այն աշխատանքներուն, որոնք կը նպաստեն եկեղեցիներու կրթական ու ընկերային ծրագիրներուն։