ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Ժանին Դանիէլեանի։

 

Դանիէլեան խօսք առնելով՝ Հայրապետին զեկուցեց անցեալ տարեշրջանի Կիրակնօրեայ վարժարանին գործունէութիւնը եւ յայտնեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու աշխատանքները։ Ապա, աշակերտները իրենց սորված սաղմոսներէն, շարականներէն ու աղօթքներէն փունջ մը ներկայացուցին Վեհափառ Հօր։

 

Հուսկ, Նորին Ս. Օծութիւնը փոխանցեց իր հայրական խօսքը։ Ան, առաջին հերթին, կարեւորութեամբ շեշտեց կիրակնօրեայ վարժարաններու դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս եւ ընդգծեց անոնց ճամբով մեր մանուկներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Այս յանձնառութեամբ ու գիտակցութեամբ մեր կիրակնօրեայ վարժարանները լծուած են իրենց վստահուած եզակի առաքելութեան։ Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց բոլոր նուիրեալ ուսուցիչներն ու պատասխանատուները, որոնք կամաւորաբար եւ անձնուիրաբար լծուած են եկեղեցաշէն ու ազգաշէն այս սրբազան ծառայութեան։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց աշակերտներու ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն դէպի կիրակնօրեայ վարժարան եւ կը գիտակցին, որ մեր ազգը առողջ երիտասարդութիւն ունենալու համար, հարկ է այսօրուան մանուկը դաստիարակել՝ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով անոր։