«ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ»Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 28 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ի նորանշանակ տնօրէն երէցկին Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի խորհրդատու մարմնի ատենապետ Ալին Տէյրմէնճեանի։

 

Իբրեւ նորանշանակ տնօրէն, երէցկինը եկած էր ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով Դանիէլեանի նշանակումը տնօրէն՝ անդրադարձաւ «Ճինիշեան»ի առաքելութեան եւ մեծապէս գնահատեց հաստատութեան կատարած մարդասիրական աշխատանքները՝ Լիբանանի, Սուրիոյ ու Հայաստանի մէջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց, թէ մօտէն ծանօթ է «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ի գործունէութեան ու Երիցական եկեղեցւոյ, ուր պահ դրուած է հաստատութեան դրամագլուխը եւ անդրադարձ կատարեց մեր եկեղեցւոյ հետ անոր ունեցած սերտ գործակցութեան։ Շնորհաւորելով նորանշանակ տնօրէնը՝ Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ յատուկ կարեւորութիւն ընծայուի կարիքաւոր ընտանիքներու յատկապէս դեղորայքի օժանդակութեան, նկատի ունենալով Լիբանանէն ու Սուրիայէն ներս շարունակուող ընկերային-տնտեսական տագնապը։