ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը:

 

Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, աղօթակից ունենալով սրբազան արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, ազգային եւ համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

 

Վախճանեալ Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի թաղման տան կարգին նախագահեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, իսկ եկեղեցւոյ կարգին՝ նախագահեց Գանատայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան եւ ընթերցեց լուսահոգի Տ. Եփրեմ Արք.-ի կեանքն ու ծառայութիւնը գնահատող Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը:

 

Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան սրտառուչ զգացումներով խօսեցաւ վախճանեալ սրբազանի անձին ու կեանքի հանգրուաններուն մասին՝ զայն բնութագրելով իբրեւ ամենահամարձակ արտայայտուող, քաջ ու անվեհեր, տոկուն ու աներեր, մշակութասէր ու ազգի հարցերով տագնապող եկեղեցական, որ 1977-էն 1985, իբրեւ Արեւմտեան թեմի երկրորդ առաջնորդ, ձեռնհասօրէն վարեց ազգային-եկեղեցական ղեկավարի պաշտօնը: Սրբազանը նաեւ արտայայտուեցաւ Արեւմտեան թեմի, որպէս ինքնուրոյն միաւոր, գործունէութեան յիսուն տարիներու պատմութեան ու գալիք արշալոյսներու մասին՝ շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռը իր Վեհափառ Կաթողիկոսով, սրբազան ու վարդապետ միաբաններով, քահանայ հայրերով, աշխարհական ժողովականներով ու նուիրեալներով հաւատքի առաքելութիւնն է, որ կը մարմնաւորէ՝ յատկապէս ազգի սփիւռքացած ածուներուն մէջ եւ Հայրապետական հռչակագրին ի լուր՝ ներքին վերաշխուժացման ճամբով Սփիւռքը կը հռչակէ ամէնուժեղ, անհաւասարելի եւ ամենավստահելի կռուանը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց մշտնջենաւորութեանց, Յաւիտենականին միջնորդութեամբ:

 

Յընթացս սրբազան արարողութեան, հոգեւոր հայրեր յարգանքով մերձեցան Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսին եւ համբուրիւ ողջոյն առին անոր միւռոնուած աջէն ու հետը ողջոյն յղեցին Կիլիկեան Ուխտի յաղթականներուն:

 

Յայտնենք, որ արարողութեանց ընթացքին Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան ընթերցեց վախճանեալ սրբազան հօր կենսագրականը։

 

Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոնի մէջ տեղի ունենաւ սրբազանին թաղման-գերեզմանի կարգը: