ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքը, Ուրբաթ, 27 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու…