Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1941 թուականին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունով՝ Յակոբ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Լուսինեան Ազգային Վարժարանին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1 Հոկտեմբեր 1955-ին։
Աւարտելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի (յետագային՝ Կաթողիկոս)։ Ապա, երեք տարի շարունակելով դպրեվանքեան ուսումը Ընծայարանի բաժնին մէջ, կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 26 Մայիս 1963-ին, ձեռամբ հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱԲԵՂԱՅ։
Վարդապետական գաւազան ստացած է 1965-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի՝ աւարտաճառ ներկայացնելով «Նախալուսաւորչեան Սուրբեր»ը աշխատութիւնը։
Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 1978-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։
Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է 18 Մայիս 1980-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։
1963-1965 դասաւանդած է Դպրեվանքէն ներս, իսկ որպէս վանական պաշտօն ստանձնած է Մայրավանքի մատակարարապետութիւնը։
1965-1968 հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղուած է Իրանա-Հնդկաստանի Թեմ (Սպահան-Պարսկաստան), որպէս Առաջնորդական Տեղապահ։
1973-1977 հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ամերիկայի արեւմտեան թեմի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ։
1977-ին առաջնորդ ընտրուած է հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմին։ Իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանին թեմը արձանագրած է եկեղեցաշինական եւ դպրոցաշինական իրագործումներ, սեփական Առաջնորդարանի գնումը կատարուած է, հրատարակուած են դասագիրքեր եւ Առաջնորդարանի «Հռոմկլա» պաշտօնաթերթը։ Անոր առաջնորդական շրջանը եղած է ութ տարի՝ 1977-1985։ Ապա, մինչեւ 2000 թուական նոյն թեմին մէջ իր ծառայութիւնը շարունակած է։
2000-2002 տարիներուն եղած է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Քուէյթի թեմին։
1998- 2005, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնրօինութեամբ, ստանձնած է Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնը։
Սրբազանը իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի Institut Catholique համալսարանին մէջ։
Լուսահոգի սրբազանին հրատարակութիւնները եղած են.-
— Հայց. Եկեղեցւոյ Շարականներու աշխարհաբար թարգմանութիւնը։
— Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետին «Ճառեր»ու գրաբար բնագրէն Աախարհաբարի վերածումը եւ ֆրանսերէնի թարգմանումը։
Վերջին 15 տարիներու ընթացքին Սրբազանը հանգստեան կոչուած է եւ հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն ներս՝ ծառայած։